Քաղաքական

Արամ Ա կաթողիկոսը կոչով է հանդես եկել

Արամ Ա Վեհափառ Հայրապետը կոչով է հանդես եկել ուղղված հայ ժողովրդին՝ ի խնդիր Արցախի հայության իրավունքների վերահաստատման․

«Պաքուի (Ազրպէյճան) մէջ 11-22 Նոյեմբեր 2024-ին տեղի ունենալիք COP29 միջազգային համագումարի նախօրեակին, մենք՝ հոգեւոր պետերս դարձեալ մեր արդար ընդվզումը ու խոր մտահոգութիւնը կը յայտնենք Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի հայութեան դէմ շղթայազերծուած պատերազմին (2020-2023) ու անոր իբրեւ հետեւանք շուրջ 120.000 արցախցիներու իրենց պատմական հողերէն բռնագաղթին, Արցախի մէջ հայկական կրօնական ու մշակութային կառոյցներու ու կոթողներու ծրագրուած քանդումին եւ Արցախի քաղաքական ղեկավարութեան ապօրինի գերեվարութեան գծով:

Արդարեւ, որպէս Աստուծոյ եւ մեր ժողովուրդին ծառայութեան նուիրուած հոգեւոր պետեր եւ արդարութեան, խաղաղութեան ու մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան յանձնառու առաջնորդներ, չենք կրնար լուռ մնալ Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի հայութեան իրաւունքներու բռնաբարման եւ միջազգային համայնքին անտարբերութեան դիմաց: Արդ, կոչ կ՚ուղղենք մեր եկեղեցիներու հոգեւոր առաջնորդներուն եւ համայնքային ղեկավարութեանց.-

ա) COP29 միջազգային համագումարի նախօրեակին ու անոր աշխատանքներու ընթացքին յատուկ կարեւորութեամբ արծարծելու Արցախի հայութեան նկատմամբ շարունակուող անարդարութիւնը, յատկապէս շեշտելով՝ միջազգային երաշխաւորութեամբ իր պատմական հողերը վերադառնալու եւ ինքնիշխանութիւնը վերահաստատելու Արցախի ժողովուրդին արդար իրաւունքը:

բ) Մեր բոլոր կարելիութիւնները առաւելագոյն չափով ի սպաս դնելու Արցախի հայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան՝ քաղաքական, պետական, դիւանագիտական, միջ-կրօնական ու միջ-եկեղեցական շրջանակներէն ներս՝ յարաբերական ու տեղեկատուական միջոցներու լայն օգտագործումով:

գ) Եկեղեցիներէն ներս արարողութիւններու ու հաւաքական պաշտամունքներու ընթացքին աղօթելու Արցախի քաղաքական բանտարկեալներուն եւ զինուորական գերիներուն շուտափոյթ ազատ արձակման համար:

Կը գտնուինք մեր ազգի պատմութեան ճակատագրական մէկ հանգրուանին: Շրջապատուած ենք բազմաթիւ ու բազմազան տագնապներով: Արդ, համահայկական օրակարգի մը շուրջ մեր ազգի ոյժերուն համախմբումը աւելի քան հրամայական է: Ըլլա՛նք խոհեմ ու հեռատես՝ ազգին ու Հայրենիքին ընդհանրական ու գերագոյն արժէքները ու շահերը գերիվեր նկատելով կողմնակի ու ժամանակաւոր նկատումներէ:

Կʼաղօթենք, որ Աստուած ամուր ու ապահով պահէ մեր ազգը ու Հայրենիքը՝ հեռու ամէն տեսակ չարիքներէ ու վտանգներէ:

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

Ն.Ա.Տ. ՌԱՖԱՅԷԼ-ՊԵՏՐՈՍ ԻԱ. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ-ՊԱՏՐԻԱՐՔ

ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ

ՎԵՐԱՊԱՏՈՒԵԼԻ ՓՕԼ ՀԱՅՏՈՍԹԵԱՆ

ՆԱԽԱԳԱՀ ՄԵՐՁԱՒՈՐ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ

ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՄԻՈՒԹԵԱՆ»։